2014-01-31 10:06:23

Վատիկանի մետալներու արտակ` Յովհաննէս 23-րդ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետներու սրբադասումին առթիւ։


Յառաջիկայ 27 ապրիլ 2014-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մէջ պիտի գլխաւորէ Յովհաննէս 23-րդ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետներու Սրբադասման ծիսակատարութիւնը որուն կը սպասուի միլիոնաւոր հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։
Այս առթիւ Վատիկանի թղթատարութիւնը լոյս պիտի ընծայէ արծաթէ եւ պրոնզէ պաշտօնական մետալներ։ Մետալներու մէկ երեսը զետեղուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի դիմագիծը իսկ երկրորդ երեսին վրայ Յովհաննէս 23-րդ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետները։ Պրոնզէ մետալի քանակը 30 հազար օրինակ է, իսկ արծաթէ մետալը եօթը հազար։
Յովհաննէս 23-դը ճանչուած է որպէս ''բարի Քահանայապետ'' ան միշտ պատրաստ եղած է քաջալերական ու հայրական խօսք մը ըսելու։ Ան նախաձեռնած է Վատիկանեան Բ Տիեզրական ժողովին գումարումը, որուն աշխատանքները սկիզբ առած են 11 հոկտեմբեր 1962-ին։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ, իր մահկանացուն կնքեց 3 յունիս 1963-ին։ Համայն աշխարհը սգաց անոր կորուստը։
Իսկ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը եղաւ այն Հովիւը որ առաջնորդեց Եկեղեցին դէպի երրորդ հազարամեայ։ Ան կը նկատուի ժամանակակից պատմութեան ամենէն նշանակալից եւ ամենէն ազդու մարդոցմէ մին, ոչ միայն եկեղեցւոյ այլ եւ համայն աշխարհին համար։ Բաւարար է յիշել անոր առաքելական ճամբորդութիւնները, զանազան դաւանանքներու հետ երկխօսութիւնը, բարոյական արժէքներու եւ ընտանիքի պաշտպանութիւնը, անոր եզակի յարաբերութիւնը երիտասարդներուն հետ, ''քրիստոնէական կաթողիկէ վարդապետութիւն'' հատորի հրատարակումը եւ թէ ի՜նչպիսի արիութեամբ Ան դիմագրաւեց հիւանդութիւնը, իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.